Արկղ

No products in the cart.

Միթզի Պարող հրաթռչուն

247,50

25%

Ոստրէի գիւղաքաղաքը կը բնակէր Միթզի հրաթռչունը, որու օրերը միօրինակ էին։ Միթզի, որ շատ կը սիրէր պարել ու իր այս կիրքը կը յագեցնէր երաժշտական ժապաւէններ դիտելով, օր մը մտերիմ ընկերոջ հետ գիւղաքաղաքին մէջ պտտելու ատեն կը տեսնէ թռուցիկ մը։ Արդեօք այս թռուցիկին մէջ Միթզիի կեանքը փոխելիք բանե՞ր մը գրուած էին։
«Միթզի ­­­‑ Պարող Հրաթռչունը» հեքիաթը, ուր Զէյնէպ Ալփասլան մտերմիկ լեզուով մը կը պատմէ ինքզինք ճանչնալը, ինքն իրեն հաւատալը եւ երազները հետապնդելու գեղեցկութիւնը, ուղղուած է եօթը տարեկան եւ անկէ բարձր տարիք ունեցող մանուկներուն։ Գիրքը զարդարուած է Օրհան Աթայի մէկը միւսէն գեղեցիկ նկարներով։


Պիտակ
Հեղինակ

Զէյնէպ Ալփասլան

Նկարազարդող՝

Օրհան Աթա

Թարգմանիչ՝

Սարին Ագպաշ

Բնագրի լեզուն՝

Թրքերէն

Խմբագիր՝

Էպրու Աքքաշ

Էջադրում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրական տեղեկութիւններ՝

Ա տպագ., Յունուար 2022

Էջաքանակ եւ չափեր՝

56 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786057123121

Ոստրէ գիւղաքաղաքի բնակիչ հրաթռչուն Միթզիի օրերը կ՚անցնին միօրինակ։ Պարի հանդէպ ունեցած կիրքը ան կը յագեցնէ երաժշտական ժապաւէններ դիտելով։ Օր մը, երբ գիւղաքաղաքի մէջ կը շրջէր իր մտերիմ ընկերոջ հետ, կը տեսնէ թռուցիկ մը։ Արդեօք Միթզիի կեանքը գլխիվայր շրջելիք բանե՞ր մը գրուած են այս թռուցիկին վրայ։

Զէյնէպ Ալփասլան

1983−ին ծնած է Ստանպուլ։ Աւարտած է Ստանպուլի «Էրքէք Լիսէսի» վարժարանը, ապա «Պիլկի» համալսարանի Շարժարուեստի ու հեռուստատեսութեան բաժինը։ Հեղինակ է մանկական եւ չափահասներու համար բազմաթիւ պատմուածքներու, վէպերու, բանաստեղծութիւններու եւ երգիծանկարներու։ «Թոքիօ» (2018) անուն առաջին մանկական վէպը Քոճաէլիի Բարձրագոյն ուսուցման հիմնարկի կողմէ արժանացած է Մանկական գրականութեան մրցանակի։ «Պլուտոնի բնակիչները» անուն երաժշտական խումբի համար երգի խօսքեր գրեց։ Զէյնէպ իր կատուներուն՝ Փոկոյի և Եոքոյի հետ կը բնակի Ստանպուլ։ sebzelieriste.blogspot.com հասցէէն կարելի է հետեւիլ գծավէպերու ստեղծման հանգրուանին ու տեսնել անոնց աւարտուն վիճակը։


Օրհան Աթա

Ծնած է 1989−ին եւ հասակ առած է Պալըքէսիրի փոքրիկ մէկ գիւղին մէջ։ Փոքր տարիքին գծել սկսած է։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Մարմարայի համալսարանի Գեղարուեստից ֆաքիւլթէի գծանկարչական ձեւաւորումի բաժնին մէջ։ Աւարտելէն ի վեր կ՛ապրի Ստանպուլի մէջ եւ կը զբաղի ձեւաւորումի եւ նկարազարդումի գործերով։ Նկարազարդումներ կը ստեղծէ առաւելաբար հրատարակչական ու երաժշտական մարզերու համար։ Իր գործերուն մէջ կը սիրէ ստեղծել կերպարներ, ինչպէս նաեւ՝ վերացական պատումները, բնութենէ քաղուածքներն ու նրբին մանրամասները։