Արկղ

No products in the cart.

Պիկէ Տօղու


Պիկէ Տօղու բազմաթիւ երեխաներու պէս, գծելու եւ ներկելու հանդէպ մանուկ հասակէն հետաքրքրութիւն ունեցած է։ Երբեմն իր երեւակայութիւնները, երբեմն ալ տեսածները նկարած է։ Նախակրթարանի աշակերտութեան շրջանին, գրելը սիրող իր ընկերներէն մէկուն հետ պարբերաթերթ մը հրատարակած է, որուն նկարները ինքը նկարած է։ Ապագային ալ շարունակած է նկարել։ Նախ արուեստի վարժարան մը յաճախելով քանդակագործութիւն, արուեստի պատմութիւն ու արուեստի փիլիսոփայութիւն ուսանած, արտադրելով, ջանք թափելով, ստեղծագործելով զարգացուցած է իր զանազան աշխատանքները։ Այնուհետեւ վերանորոգումի, կարկանդակներու համար շաքարէ արձաններ պատրաստելու, գծապատկերային ձեւաւորումի եւ շարժապատկերի շուրջ աշխատանքներ տարած է։ Սակայն անդրադարձած է, որ սիրտը միայն մանկութենէն ի վեր ըրած բանին՝ գծելու համար բաբախած է։ Պիկէն այսօր միայն մանկական գիրքեր կը նկարազարդէ եւ կը յուսայ բազմաթիւ գիրքերով կրկին հանդիպիլ ձեզի հետ։