Արկղ

No products in the cart.

Մեր մասին


Մանկական գրականութեան նկատմամբ մեր տեսակէտը միաձուլուած է մանուկի նկատմամբ մեր ունեցած դիտանկիւնին։ Մէկ կողմ թողլով այն հասարակ տեղիքը, թէ մանուկները մեր ապագայի գրաւականն են, կը կարեւորենք մանուկներու հիմա՛, ուղղակի որպէս մանուկ գոյութիւնը։ Հետեւաբար մեր ճանապարհը սկսանք մանուկներուն տալու համար այնպիսի գիրքեր, որոնք չեն արհամարհեր զանոնք, չեն փորձեր անոնց բաներ մը սորվեցնել, ուսուցողական չեն, ունին գրական բարձր արժէք ու հարուստ խորք։

Մեր առաջնահերթութիւնն է հրատարակել այնպիսի գիրքեր, որոնք նիւթ ունին հանրային խնդիրներուն, մեր աչքերուն առջեւ պարզուող մանկական գործաւորութիւնը, աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը, իրենց ընտանիքներուն կողմէ լքուած մանուկները, գոյաբանական հարցումներուն պատասխաններ որոնող հետաքրքրասէր մանուկները եւլն., բարեկամութեան եւ սիրոյ առաջնորդութեամբ միաժամանակ կ՚անդրադառնան նաեւ դպրոցական դառնալու, հասուննալու նման տարբեր մտահոգութիւններու։ Միւս կողմէ, տարբեր դիտանկիւններ մատուցող, զգացումներու բազմազանութիւնը յիշեցնող, մանուկները խաղի հրաւիրող, զուարճանքէ ոչինչ զիջող, իր նկարներով արուեստի դռները բացող 3-8 եւ 8-12 տարիքային խումբերու մանուկներուն համար խնամքով պատրաստուած գիրքերով «Հիփփօ գիրք» ահա ձեզի հետ է։