Արկղ

No products in the cart.

Մայրիկս ծովանոյշ մըն է

243,75

25%
Տարիքային խումբ`:
7+

Հտպիտներ, բախտագուշակներ, սուր կլլող մարդիկ, տրապիզի պարողներ, լարախաղացներ ու կախարդական հայելիներ… Փէփան Բամպակ Շաքար կրկէսը ծնած է։ Որքա՜ն աղուոր կը թուի, չէ՞։ Սակայն Փէփան կ՚ուզէ ժամ առաջ հոնկէ հեռանալ եւ «սովորական» աղջիկներու պէս «սովորական» կեանք մը ապրիլ, «սովորական» ընտանիք մը ունենալ։ Օր մը լուսինին փափաք մը կը յայտնէ եւ այս փափաքը կ՚իրականանայ։ Արդեօք Փէփային այս փափաքը երջանկութիւն պիտի բերէ՞ անոր։ Թէ՞ Փէփան պիտի սորվի ընտանիքը ընդունիլ ինչպէս որ է։

«Հիփփօ»ի սիրուած հեղինակներէն Զէյնէպ Ալփարսլանէն, կրկէսի մը կախարդական աշխարհին մէջէն, ընտանիքի մը տաքուկ պատմութիւնը… Եօթը տարեկանէն վեր ընթերցողներուն համար գրուած այս հաճելի վէպին կ՚ընկերակցին Պիկէ Տողուին մէկը միւսէն գեղեցիկ գծագրութիւնները։


Պիտակ
Հեղինակ

Զէյնէպ Ալփասլան

Նկարազարդող՝

Պիկէ Տօղու

Թարգմանիչ՝

Նաթալի Պաղտատ

Բնագրի լեզուն՝

Թրքերէն

Խմբագիր՝

Սարին Ագպաշ

Էջադրում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրական տեղեկութիւններ՝

Ա տպագ., Հոկտեմբեր 2023

Էջաքանակ եւ չափեր՝

128 էջ, 13x19,5 սմ

Տարիքային խումբ`

7+

ISBN

9786057123152

«Կրկէսները տարօրինակ վայրեր են։ Անշուշտ որ խօսքս այդ սարսափելի կրկէսներուն մասին չէ, ուր կենդանիները ստրկութեան տակ են։ Մերինին պէս՝ կախարդական կրկէսներուն մասին կը խօսիմ…»։

Բամպակ Շաքար գիւղաքաղաքը բնակող Փէփային ընտանիքը կրկէսի մը մէջ կ՚աշխատի, սակայն Փէփան այս կացութենէն շատ ալ գոհ չէ։ Պզտիկ Փէփան, յուսահատօրէն կ՚ուզէ միւս երեխաներուն պէս ըլլալ, գոնէ քիչ մը «սովորական» ընտանիք մը ունենալ։ Օր մը, փափաք մը կը յայտնէ։ Արդեօք այս փափաքին իրականանալը Փէփային երջանկութիւն պիտի բերէ՞։ Թէ՝ Փէփան այս ճամբորդութեան ընթացքին պիտի սորվի ընդունիլ ընտանիքը՝ ինչպէս որ է։

Զէյնէպ Ալփասլան

1983−ին ծնած է Ստանպուլ։ Աւարտած է Ստանպուլի «Էրքէք Լիսէսի» վարժարանը, ապա «Պիլկի» համալսարանի Շարժարուեստի ու հեռուստատեսութեան բաժինը։ Հեղինակ է մանկական եւ չափահասներու համար բազմաթիւ պատմուածքներու, վէպերու, բանաստեղծութիւններու եւ երգիծանկարներու։ «Թոքիօ» (2018) անուն առաջին մանկական վէպը Քոճաէլիի Բարձրագոյն ուսուցման հիմնարկի կողմէ արժանացած է Մանկական գրականութեան մրցանակի։ «Պլուտոնի բնակիչները» անուն երաժշտական խումբի համար երգի խօսքեր գրեց։ Զէյնէպ իր կատուներուն՝ Փոկոյի և Եոքոյի հետ կը բնակի Ստանպուլ։ sebzelieriste.blogspot.com հասցէէն կարելի է հետեւիլ գծավէպերու ստեղծման հանգրուանին ու տեսնել անոնց աւարտուն վիճակը։


Պիկէ Տօղու

Պիկէ Տօղու բազմաթիւ երեխաներու պէս, գծելու եւ ներկելու հանդէպ մանուկ հասակէն հետաքրքրութիւն ունեցած է։ Երբեմն իր երեւակայութիւնները, երբեմն ալ տեսածները նկարած է։ Նախակրթարանի աշակերտութեան շրջանին, գրելը սիրող իր ընկերներէն մէկուն հետ պարբերաթերթ մը հրատարակած է, որուն նկարները ինքը նկարած է։ Ապագային ալ շարունակած է նկարել։ Նախ արուեստի վարժարան մը յաճախելով քանդակագործութիւն, արուեստի պատմութիւն ու արուեստի փիլիսոփայութիւն ուսանած, արտադրելով, ջանք թափելով, ստեղծագործելով զարգացուցած է իր զանազան աշխատանքները։ Այնուհետեւ վերանորոգումի, կարկանդակներու համար շաքարէ արձաններ պատրաստելու, գծապատկերային ձեւաւորումի եւ շարժապատկերի շուրջ աշխատանքներ տարած է։ Սակայն անդրադարձած է, որ սիրտը միայն մանկութենէն ի վեր ըրած բանին՝ գծելու համար բաբախած է։ Պիկէն այսօր միայն մանկական գիրքեր կը նկարազարդէ եւ կը յուսայ բազմաթիւ գիրքերով կրկին հանդիպիլ ձեզի հետ։