«Հիփփօ» վերամուտը կը դիմաւորէ գիրքով մը, որ երկրաչափութիւնը հաճելի պիտի դարձնէ մանուկներու համար։
Չորս ընկեր՝ Քառակուսիլ, Ուղղենկիւն, Գեռանկիւն եւ Զրջան, որոնք թէեւ իրարու չեն նմանիր, բայց նաեւ անբաժան են իրարմէ։ Անոնք իրենց օրերը կ՚անցընէին զանազան խաղերով եւ օր մըն ալ կ՚որոշեն բոլորովին նոր բանի մը ձեռնարկել. իրե՛նք պիտի որոշէին իրենց խաղերը, խաղին կանոնները։ Իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնը նոր տարողութիւն մը պիտի հաղորդէր այս նոր խաղին։
Թէ՛ կը զուարճանանք, թէ կը յաղթենք այն ատեն, երբ խաղանք միասնաբար՝ ահա՛ «Ձեւերուն խաղը» գիրքին պատգամը։ Գիրքը մարմին կը ստանայ փորձառու գրող Ռաշէլ Մասերիի տառերով եւ Էտա Չաղլարըրմաքի նորարար գիծերով։ Ան նախատեսուած է 6 եւ աւելի բարձր տարիքի մանուկներուն համար։
Պիտակ
Հեղինակ | |
Նկարազարդող՝ | |
Թարգմանիչ՝ | Սեւան Տէյիրմենճեան |
Բնագրի լեզուն՝ | Թրքերէն |
Խմբագիր՝ | Էզկի Պերք, Լօրա Սարը |
Տպագրական տեղեկութիւններ՝ | Ա տպագ., Սեպտեմբեր 2021 |
Էջաքանակ եւ չափեր՝ | 40 էջ, 27x21 սմ |
ISBN | 9786057469267 |