Գիրքի էջերուն ընդմէջէն ականատես կը դառնանք մանուկի մը դպրոցական օրուան, որ կը սկսի երբ արեւի ճառագայթները առտուն կը մտնեն մանուկին սենեակը եւ կ՚աւարտի բարի-գիշերուան համբոյրով։ Հսկայ դպրոցին առջեւ պզտիկ գծագրումով մը կ՚երեւի մանուկը, որ օրուան ընթացքին կը նկարէ, կը խաղայ, կը ճաշէ, կը քնանայ, պարտէզին մէջ կը շրջի ու կը հասնի իր մօր։ Ապա մեզ կը դիմաւորեն տնական առօրեան։ Հասարակ այդ օրը, որու մասին այդքան ալ չենք մտածեր, զոր այդքան ալ չենք կարեւորեր, արդեօք իրապէս հասարա՞կ է մանուկի մը համար, թէ խրախճանքի կամ մտահոգութեան տարբեր առիթ մը։ «Պզտիկ դպրոցական պայուսակ մեծ արկած» ամէն մէկ էջին վրայ կարճլիկ պահերէն կը ստեղծէ հսկայ զգացումներ, որոնք պարզ, բանաստեղծական եւ նոյնքան տպաւորիչ նկարներով կ՚արտացոլան ընթերցողին վրայ։
Պիտակ
| Լեզու՝ | Հայերէն |
| Հեղինակ | |
| Նկարազարդող՝ | |
| Թարգմանիչ՝ | Սեւան Տէյիրմենճեան |
| Բնագրի լեզուն՝ | Ֆրանսերէն |
| Խմբագիր՝ | Էզկի Պերք, Լորա Սարը |
| Էջադրում՝ | Մելիսա Արսէնեան |
| Տպագրական տեղեկութիւններ՝ | Ա տպագ., Սեպտեմբեր 2019 |
| Էջաքանակ եւ չափեր՝ | 48 էջ, 20,5×25 սմ |
| ISBN | 9786058036338 |




