Արկղ

No products in the cart.

Պարոն կւոձ

180,00

25%

Ինչպէս անունն ալ կը յուշէ, գիրքը ամբողջապէս հիմնուած է շրջուած կարդալու եւ գրելու զաւեշտին վրայ։ Գլխաւոր կերպարներն են խոզուկը, կովն ու ձուկը։ Խոզուկ մը եւ կով մը սառած լիճին վրայ չմշկելու ժամանակ, կապ կը ստեղծեն սառոյցին տակ գտնուող ձուկին հետ եւ այդ ձուկը կը դիմէ անոնց օգնութեան։ Խոզուկը կը ջանայ հաղորդակցիլ ձուկին հետ. իր մտերիմ կովը թէեւ մտահոգ է, սակայն անոր հետ համագործակցաբար կը շարժի։ Գիրքին կեդրոնն է բարեկամութեան տարրերէն մին հանդիսացող փոխօգնութիւնը։ Հէքիաթին ծիծաղելի ոճն ու նկարներուն արուեստի գործ մը ըլլալու հանգամանքը գրութենէն անկախ ընթերցումի կարելիութիւնն ալ կու տայ։


Պիտակ
Լեզու՝

Հայերէն

Հեղինակ

Մարիուս Մարցինքեւիչիուս

Նկարազարդող՝

Լինա Տուտայիթէյ

Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Բնագրի լեզուն՝

Լիթուաներէն

Խմբագիր՝

Ռոպեր Քոփթաշ

Էջադրում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրական տեղեկութիւններ՝

Ա տպագ., Հոկտեմբեր 2019

Էջաքանակ եւ չափեր՝

40 էջ, 24×29 սմ

ISBN

9786058036376

Խոզուկն ու կովը, ձիւնոտ օր մը, սառած լճին վրայ կը չմշկէին։ Յանկարծ, սառոյցին տակէն բան մը կը մշտէ զիրենք։ Վիշա՞պ մը արդեօք։ Քիչ անց կը տեսնեն, որ ձուկ մըն է։ Ձուկը, սառոյցին վրայ, իրենց անհասկնալի թուացող լեզուով բաներ մը կը գրէ։ Թերեւս բանե՞ր մը կը խնդրէ իրենցմէ… Խոզուկը, կովն ու ձուկը արդեօք պիտի կարենա՞ն գտնել մէկզմէկ հասկնալու միջոցը՝ հակառակ դժուարութիւններու։
«Պարոն Կւոձ» հոյակապ գիրք մըն է. ան ցոյց կու տայ, որ երբ խնդիրները տարբեր դիտանկիւնէ մը դիտենք անոնք կը դադրին խնդիր ըլլալէ։