Արկղ

No products in the cart.

Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը

262,50

25%

Տարօրինակ բաներ կը պատահին սառնարանին մէջ։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզեցին։ Մեղրադդումը կը պոռայ, բրքուկը կը փնթփնթայ, չքնտուրը կը բողոքէ մանուկներու՝ դդմաճի հանդէպ ունեցած սիրոյն դէմ, դարապղպեղը կծու խօսքեր կ՚ըսէ, ծաղկակաղամբը լարուած այս խառնակութենէն՝ փուք կ՚արձակէ, ոլոռներու աղաղակը կը լռեցնէ բոլոր ձայները եւ ճիշդ այդ պահուն սմբուկը բարկութենէ կը պայթի։ Կը շարունակենք դարձնել էջերը եւ ապստամբութեան մասնակից իւրաքանչիւր բանջարեղէն կը համոզէ մեզ, թէ արդար է իրենց ըմբոստացումը։ Գիրքի աւարտին բանջարեղէններու հանդէպ ունեցած ձեր հայեացքը պիտի փոխուի եւ շատ աւելի բարեհամբոյր պիտի ըլլաք անոնց նկատմամբ։


Պիտակ
Լեզու՝

Հայերէն

Հեղինակ

Տաւիթ Ասէիթունօ

Նկարազարդող՝

Տանիէլ Մոնթերօ Կալան

Թարգմանիչ՝

Սարին Ագպաշ

Խմբագիր՝

Էզկի Պերք

Էջադրում՝

Սաւաշ Եըլտըրըմ, Մելիսա Արսէնեան

Տպագրական տեղեկութիւններ՝

Ա տպագ., Փետրուար 2021

Էջաքանակ եւ չափեր՝

48 էջ, 24×24 սմ

ISBN

9786050688191

Բանջարեղէնները կ՚աղաղակեն. «Ա՛լ կը բաւէ»։ Անոնք որոշեցին ետ ստանալ իրենց պատիւը, որովհետեւ ա՛լ ձանձրացած էին ճաշը չաւարտող, լալկան ու կախերես մանուկներէն։
Բայց ինչպէ՞ս։
Սառնարանին մէջ ծայր առած, անօրինակ ապստամբութեամբ մը՝ զայրացկոտ, զուարճալի ու կենսանիւթով լի։ Իրենց նպատակին հասնին կամ ոչ՝ ստոյգ է որ ա՛լ բանջարեղէնները նոյն աչքով պիտի չդիտէք…

Տաւիթ Ասէիթունօ

Ծնած է 1977−ին, Սպանիոյ Պատալօնա քաղաքը։ Աւարտած է Պարսելոնայի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինը։ Որպէս սրբագրիչ ու խմբագիր պաշտօնավարած է տարբեր հրատարակչատուներու մէջ։ Հրատարակած է տասնինը գիրք, ներառեալ Sylvia & Ted խորագրով քերթողագիրքը։ Այս գիրքերուն մեծ մասը պատկերագիրք է։


Տանիէլ Մոնթերօ Կալան

Ծնած է 1981-ին, Մատրիտ։ Ողջ կեանքին ընթացքին միտքը տեւական զբաղած էր թռչուններով ու ժամանակով. երեւակայական արարածները եղան իր արուեստն ու աշխատանքը։ Escuela Superior de Dibujo Profesional-ը աւարտելէ կարճ ժամանակ մը վերջ սկսաւ աշխատիլ որպէս անկախ արուեստագէտ, որ կը սիրէր իր իւրայատուկ ոճով ստեղծագործել ջրաներկի ու նշանակիչ գրիչի յատուկ ձեւերով։ Նկարազարդած է աւելի քան տասնհինգ գիրք։ Պարգեւատրուած է Independent Publisher Book Award-ով, որ մանկական գիրքերու անուանակարգին մէջ հեղինակաւոր մրցանակ մըն է։