Փոքրիկ աղջիկ մը, որ կ՚ուզէ յաղթահարել կեանքի խոչընդոտները, ուրիշ աղջիկ մը, որ կը հարցնէ, թէ «Եթէ ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք՝ ինչպէ՞ս պիտի ըլլար կեանքը», եւ բանջարեղէններ, որոնք կը պատրաստուին ըմբոստանալ այն մանուկներուն դէմ, որոնք բանջարեղէն չեն սիրեր… Մեր հերոսները սակայն կ՚անդրադառնան յանկարծ, որ առանց իրենք զիրենք ճանչնալու՝ անկարելի է երազներ իրականացնել եւ ուրեմն մէկը կ՚առերեսուի իր վախերուն հետ, միւսը իր ու ոչխարներու միջեւ առկայ տարբերութիւնները կը դասակարգէ, իսկ բանջարեղէնները կը ջանան հասկնալ չսիրուելու պատճառները։ +3, +4 եւ +5 տարիքային խումբերու յարմար այս երեք գիրքերը առիթ կու տան մանուկներուն, որպէսզի անոնք կեանքը ճանչնան՝ սկսելով իրենցմէ։